2016-09-05 13:38:00

«Եղեռնից դէպի անկախութեան վերականգնում». Ցուցադրութիւն` Ցեղասպանութեան Թանգարանին մէջ


Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է.

«Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով 2016 թուականի Սեպտեմբեր 20-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը պիտի ներկայացնէ «Եղեռնէն դէպի անկախութեան վերականգնում» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը: Այս ցուցադրութեան մէջ պիտի ներառուին հազուագիւտ դրօշներ ու զինանշանային յօրինուածքներ, որոնք պատրաստուած են 18-20-րդ դարերուն հայ ազատագրական պայքարի տարիներուն: Բացառիկ նմուշներ են Մեծ Եղեռնէն ետք հայ որբերու պատրաստած դրօշներն ու զինանշանները:

«Այս ցուցանմուշներուն մեծ մասը, որոնք կը ներկայացնեն հայաստանեան ու արտասահմանեան շարք մը թանգարաններու հաւաքածուները, պիտի ցուցադրուին առաջին անգամ ըլլալով:

«Այս պատկերագրութեան նմուշները կը ներառեն գորգեր, փորագրանկարներ, արծաթէ իրեր, նամականիշեր, բացիկներ, գիրքեր ու ալպոմներ, ինչպէս նաեւ` «Մայր Հայաստան»-ի կերպարով տարբեր յօրինուածքներ:

Ցուցադրութեան գլխաւոր հովանաւորն է Վիւասել-ՄԹՍ»-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.